30 օրուան ընթացքին ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով շարունակուած են մարտական գործողութիւնները: ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները իրենց  հմուտ գործողութիւններով կը շարունակեն կործանիչ հարուածներ հասցնել նախայարձակ թշնամիին, որուն հետեւանքով հակառակորդը կորսնցուցած է «Սմերչ» եւ «Ուրագան» տիպի համազարկային կրակի  կայանքներ, տասնեակ այլ հրետանային ու հակատանկային միջոցներ, հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով` 1-ական «թօս 1»տիպի հրանետ, 11 հրասայլ, 3 ՀՄՄ եւ 6 զրահափոխադրիչ:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն