«Երկիր».-Ատրպէյճանական քարոզչամեքենան հերթական ապատեղեկատուութիւն տարածած է Արցախի Պաշտպանութեան Բանակին կողմէ «Թոչքա-ու» մարտավարական հրթիռային համալիրի կիրառումին մասին:

«Որպէս ապացոյց ներկայացուած լուսանկարին մէջ պատկերուած է ոչ թէ «Թոչքա-ու», այլ բոլորովին այլ հրթիռ: Նմանատիպ լուսանկարները համացանցի վրայ են», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Լուսանկարը հրապարակած է Ատրպէյճանի ՊՆ-ն` թուիթըրի էջին վրայ: Ռազմական փորձագէտները յայտնած են, որ իրականութեան մէջ լուսանկարին մէջ «Սմերչ»ի հրթիռ է: