«Երկիր».-Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յորդորած է է  ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն չտարածել ատրպէյճանական կեղծ տեղեկութիւնները եւ իբր «հերոսական» գործողութիւնների տեսանիւթերը:

«Ասոնց տարածումը այսօր բաւական մեծ կշռոյթ ունէր, որ նախորդ օրերու ընթացքին  չէ եղած: Կը խնդրեմ եւ կը յորդորեմ, որ նման բաներու չյանձնուիլ, զերծ մնալ նման նիւթերու տարածումէն, թէկուզ եւ աննախադէպ մեր յաջողութիւններու մասին չհիմնաւորուած տեղեկութիւնները»,-մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան: