Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիւսիսեան Առանձնակի Կոմիտէութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բանակներու կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը ընդդէմ Արցախի խաղաղ եւ ազատատենչ ժողովուրդին, ոտնակոխելով Մինսքեան համաձայնագիրը, ռմբակոծելով Արցախի բնակչութիւնը, մահ սփռելով, գործադրելով փանթուրքիզմի երազը, մեծն օսմանեան կայսրութեան ջատագովին՝ Էրտողանի նուէրը Ատրպէյճանի ժողովուրդին հետեւեալն է՝ քանդել Հայաստան եւ ջնջել հայ անուն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շուէտի կազմակերպական կառոյցը իր ընկերական կազմով կը զօրակցի արցախահայութեան կերտելու ազատ եւ ինքնիշխան պետութիւն:

Կեցցե՛ն Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Շուէտ