Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն  տեղեկացուցին, որ վարչապետը մանրամասնօրէն անդրադարձած է Ատրպէյճանի սանձազերծած զինուորական յարձակումին հետեւանքով տեղի ունեցող զարգացումներուն: Ռուսիոյ նախագահը խոր մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող զինուորական գործողութիւններուն գծով եւ կարեւոր համարած  զինադադարի դրութեան պահպանումն ու ապամագլցողականութեան ուղղութեամբ քայլերու իրականացումը: