Հինգշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա եւ Սուրիոյ ժողովուրդը խստիւ կը դատապարտեն Ղարաբաղի Հայկական հողերուն ուղղութեամբ սանձազերծուած յարձակումները, աւելցնելով, որ Ղարաբաղի պարագային Սուրիան ինչպէս նախապէս, ներկայիս եւս կոչ կ՛ուղղէ պայմանաւորուելու ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի որոշումներով, որոնք քաղաքական խաղաղ լուծման կը յանգեցնեն:

Հաճ Իպրահիմ շեշտեց, որ թրքական ուժերուն հիւսիսային Սուրիայէն ահաբկիչներ Հայաստան ուղղարկելու շուրջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը ստոյգ է:

Ան յայտնեց, որ ըստ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան անդամ երկիրներու համաձայնութենէն մեկնելով՝  Հայաստանի, Պելառուսի, Ռուսիոյ եւ Սովիետական Միութենէն անկախացած պետութիւնները իրաւունք ունին օգնութեան ձեռք երկարելու յիշեալ պետութիւններէն մէկուն գրոհի ենթարկուելուն պարագային: Ազերիական ուժերը Ղարաբաղի վրայ կը յարձակին ու թէեւ Ղարաբաղը պաշտօնապէս չէ ճանչուած որպէս անկախ պետութիւն, սակայն ան հայկական հողատարածք է եւ յարձակումները տեղի կ’ունենան հայկական այս հողատարածքին ուղղութեամբ, հետեւաբար անհրաժեշտ է տարածաշրջանային եւ ռուսական վերաբերմունքին մէջ նկատի առնել այս կէտը:

Հաճ Իպրահիմ հաստատեց, որ զինուորական գործողութիւնները կը սաստկանան այնքան ատեն որ թրքական ուժեր նեցուկ կը կանգնին Ատրպէճանի։ Անոնք իրենց այս վարքագիծով կը սպառնան  ինչպէս Կովկասի, այնպէս ալ  Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Իրաքի անվտանգութեան:

Դեսպպանը աւելցնելով ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն վիճակը լաւ է եւ դեսպանատունը կապ պահած է անոնց հետ։ «Սուրիահայերուն վիճակ կայուն է։ Մենք մնայուն կապի մէջ ենք անոնց հետ՝ համաձայն  Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլեմի թելադրանքին», եզրափակեց դեսպանը: