RT կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ «Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կը հրահրէ ղարաբաղեան տագնապը, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ զինեալ ահաբեկիչներուն զօրավիգ կանգնելով եւ արցախեան տագնապը զինեալ բախումներու առաջնորդելով»։
Նախագահը հաստատած է, որ Էրտողան կ՛օգտագործէ Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները եւ զանոնք կը ղրկէ Ատրպէյճան՝ մասնակից դարձնելու արցախ-ատրպէյճան բախումներուն։
Սուրիոյ նախագահը շեշտեց, որ Էրտողան տարբեր տարածաշրջաններու մէջ պատերազմ կը հրահրէ Թուրքիոյ ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղել տալու երկրի ներքին հարցերէն, յատկապէս ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման հետ իր անմիջական կապերէն։
Բոլորը քաջ գիտեն, որ ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը սուրիական քարիւղը թալանելով Թուրքիոյ ճամբով եւ ԱՄՆ-ի հսկողութեամբ վաճառքի կը հանէր։
Եզրափակելով Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ հարուստ երկիրներ մեղսակից կը համարուին ահաբեկչութիւնը քաջալերող Էրտողանին, որովհետեւ Թուրքիան անոնց ծրագիրներուն ծառայող գործիք դարձած է։

#RecognizeArtsakh
#StopTurkishTerror
#StopAzeriTerror
#SaveLives