ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան 7 Հոկտեմբերին հրաւիրուած ասուլիսին յայտնեց, որ մօտ օրէն ամէն ինչ կրնայ իր տրամաբանական աւարտին հասնիլ, անդրադառնալով ճապրայիլի ուղղութեամբ յաջողութիւններու մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան:

«Այսօր եւ երէկ բեկումնային մարտեր էին, անոր համար վարչապետը յայտնած է, որ անոնք կրնան աւարտիլ որոշակի իրավիճակով: Անոնք շատ յամառ են` մեծաքանակ ուժերու կիրառմամբ: Կրնայ մօտ օրէն ամէն ինչ իր տրամաբանական աւարտին հասնիլ», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով  մարտերուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ մինչեւ կէսօր` Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին մարտական գործողութիւններու ընթացքին հայկական կողմը ոչնչացուցած է Ատրպէյճանի 260-280 զինուորական ծառայողի եւ ոչ ծառայողի` ահաբեկիչի:

Արծրուն Յովհաննիսեան աւելցուց, որ այդ թիւերը կէսօրէ վերջ  բաւականին աճած են: