«Հորիզոն».-Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու ջանքերով, Չորեքշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, Քէպէք Նահանգի Խորհրդարանը դատապարտեց Ատրպէյճանի զինեալ յարձակումներն ու բանեցուցած բռնութիւնները Արցախի վրայ, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով քանատահայ համայնքին եւ ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին, կոչ ուղղելով ատրպէյճանական իշխանութեան՝ անսալ ԵԱՀԿ-ի Մինսք խմբակի, Հելսինքեան եզրափակիչ սկզբունքներու եւ մարդկային իրաւանց դրոյթներուն։