Բուռն մարտերը 11-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան արցախեան-ատրպէյճանական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին: Չորեքշաբթի, 7 Հոկտեմբերին բացայայտուեցաւ, որ նախանցեալ օր Արցախի պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան աշխուժ մասնակցութեամբ ազատագրուած է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Վարանգաթաղ (Լուլասազ) բարձունքը: Գործողութեան ընթացքին նահատակուած են ՀՅԴ կամաւորներ:

7 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց. «Ինչպէս արդէն աւելի կանուխ հաղորդած էինք, երէկ օրուան ընթացքին Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները շարունակած են ջախջախիչ հարուածներ հասցնել թշնամիին` էապէս բարելաւելով դիրքերը: Մասնաւորապէս, երէկ, ժամը 14:00-ի շուրջ, պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ջոկատի աշխուժ մասնակցութեամբ, հիւսիսային ուղղութեամբ կազմակերպուած է հակագրոհ եւ վերադարձուած է Վարանգաթաղ (Լուլասազ) կոչուող բարձունքը:

«Թշնամին տուեալ բարձունքին վրայ ձգած է վեց դիակ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ, իր տեղեկութիւններուն համաձայն, 7 Հոկտեմբերին դրուեցաւ ղարաբաղեան բանակի վերջնական յաղթանակի իրական հիմքը: Ան այս տեղեկութիւնը յայտնեց ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը փայլուն գործողութեամբ ազատագրած է կորսնցուցած դիրքերէն մէկը, ինչպէս նաեւ փրկած օրեր առաջ թշնամին դիմագրաւած եւ, նահանջելու փոխարէն, մօտակայ անտառին մէջ թաքնուած 19 հայ զինուորներուն կեանքը` սպասելով մեր զօրքի հակայարձակման իրականացման` աւելցնելով, որ գործողութեան ընթացքին թշնամին ունեցած է աւելի քան 100 սպաննուած:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղտալեան Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուց, որ նախարար Զոհրապ Մնացականեան 12 Հոկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոսկուա:

7 Հոկտեմբերին, Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիին եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումներու զինուորներուն, ինչպէս նաեւ տուեալ տարածքներուն մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերուն, կամաւորներուն կտրականապէս կ՛արգիլէ բջիջային հեռաձայններով կամ այլ սարքերով մարտական գործողութիւններու ընթացքը կամ անոնց հետեւանքները նկարահանելն ու համացանցով տարածելը:

Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, որ թշնամին մանրակրկիտ կերպով կ՛ուսումնասիրէ համացանցին մէջ յայտնուող եւ մարտական գործողութիւններուն հետ որեւէ առնչութիւն ունեցող տեսանիւթերը, որոնք, փաստօրէն, անմիջապէս կրնան ուղղորդիչ դառնալ անոր կրակին համար` թիրախի վերածելով այն շրջանները, ուրկէ մեր ուժերը կ’իրականացնեն յաղթական գործողութիւններ:

Իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ» հետաքննող լրագրող Քրիսթիան Թրիպըրթը Թուիթըրի իր էջով արբանեակային լուսանկար հրապարակած է Գանձակի զինուորական օդակայանէն, ուր 3 հոկտեմբերի դրութեամբ կ՛երեւին նուազագոյնը երկու թրքական «Էֆ-16» կործանիչները:

«Կործանիչները, ամենայն հաւանականութեամբ, կ՛օգտագործուէին թրքական օդուժին կողմէն «Սի.Էն-235» բեռնատար ինքնաթիռի հետ միասին», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` գրած է Թրիպըրթը: