«Ազատ Օր».- Յունաստանի խորհր­դա­րա­նի ՔԻՆԻՄԱ ԱԼԼԱՂԻՍ-Movement for Change (KIΝΑΛ) կու­սակ­ցու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար ­Մա­նո­լիս Խ­րիս­թո­տու­լա­քի­սի հետ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­ներ Հռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ­Սեր­գօ ­Գափ­լա­նեան։ ­Ներ­կայ էր նաեւ ընդ­հա­նուր քարտու­ղա­րի խորհր­դա­կա­նը։

Խօ­սակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ Արցա­խի դէմ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին շուրջ, խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած յար­ձա­կում­նե­րուն, քա­ղաք­նե­րու ու բնա­կա­վայ­րե­րու թի­րա­խա­ւոր­ման եւ շա­րու­նա­կո­ւող ռմբահարում­նե­րուն։

­Շեշ­տո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ան­մի­ջա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան գործօնը, որ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն իր ամ­բող­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին, նաեւ վարձկաններ գոր­ծա­ծե­լով։

Ընդ­հա­նուր զրոյց ծա­ւա­լե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ առ­նո­ւած նախաձեռութիւն­նե­րուն մա­սին, որ կը մի­տին հան­րա­յին կարծիքին առ­ջեւ բերել Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րու հար­ցը, իր բո­լոր ծալ­քե­րով։­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի յարձա­կո­ղա­կա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան դա­տա­պարտ­ման դիրքորո­շու­մը։

­Մա­նո­լիս Խ­րիս­թո­տու­լա­քիս վստա­հե­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դին հանդէպ իր զօ­րակ­ցա­կան զգա­ցում­նե­րուն մա­սին։ Անանդրադար­ձաւ հրա­դա­դա­րի ան­մի­ջա­կան կի­րառ­ման եւ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինս­քի խմբա­կի ձե­ւա­չա­փի որ­դեգր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեանց։ Կտ­րուկ դա­տա­պար­տեց ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ­Կով­կա­սի տարածաշր­ջա­նէն ներս, նշե­լով թէ ան­գամ մը եւս կը փաս­տո­ւի, թէ ­Թուր­քիա չի փա­փա­քիր խա­ղաղ լուծ­մամբ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած կար­գա­ւո­րում, այլ ա­մէն ինչ կը զո­հէ իր տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յաւակ­նու­թիւն­նե­րու զո­հա­սե­ղա­նին առ­ջեւ։ Ա­ւել­ցուց, թէ Եւրոպական ­Միու­թիւ­նը պէտք է ա­ջակ­ցի խա­ղաղ լուծ­ման յանգելու ճի­գին մէջ եւ ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պար­տի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ առ­նել այս ծի­րէն ներս։