Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցչական Տունը կը քուէարկէ հետեւեալը.

Նշելով որ Ազրպէյճանի կողմէ Մինսքի համաձայնուած գործընթացի խախտումը առաջնորդեց զինուորական գործողութիւններու, բազմաթիւ անզէն զոհերով,

Մտահոգուելով որ բախումը կրնայ առաջնորդել տարածաշրջանային հակամարտութեան, ողբերգական հետեւանքներով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ՝ մարդասիրական աղիտալի հետեւանքներով,

Միաձայնութեամբ կը քուէարկէ հետեւեալը.

1. Կը դատապարտէ բազմամեայ զինադադարի խախտումը Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ։

2. Կ’արտայայտէ բուռն դատապարտում, զինեալ հակամարտութեան մէջ, Ազրպէյճանի ի նպաստ՝ Թուրքիոյ յայտնի ներգրաւուածութեան համար։

3. Կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ, Սուրիայէն՝ դէպի Արցախի տարածաշրջան վարձկաններու փոխադրութիւնը։

4. Կը դատապարտէ բնակեալ շրջաններու ռմբակոծումը եւ անզէններու թիրախաւորումը, խախտելով Ժընեւի համապատասխան
Պայմանագիրները։ Ցաւ կ’արտայայտէ մարդկային կեանքերու եւ յատկապէս՝ անզէններու կորուստին համար։

5. Անմիջական զինադուլի կոչ կ’ուղղէ հակամարտ ուժերուն, ինչպէս նաեւ՝ վերադառնալու այն դիրքերուն, որոնք անոնք ունէին զինադադարի խախտումէն առաջ։

6. Կ’աջակցի Մինսքի Խմբակի ծիրէն ներս խաղաղութեան գործընթացին, հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար։