«Ազդակ».-Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին, 9 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-8:00 տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երիտասարդական երթ` առ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան եւ դատապարտում` արցախեան-ատրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմին:
Ինքնաշարժներով երիտասարդական երթը, որուն ընթացքին բարձրացուեցան Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ, ընթացք առաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն` Պուրճ Համուտ, ապա ուղղուեցաւ դէպի Զալքա, շրջեցաւ նաեւ ներքին թաղերը, ուրկէ` Անթիլիաս: Այնուհետեւ ինքնաշարժները վերադարձան Պուրճ Համուտ:
Յատկանշական է, որ ինքնաշարժներով այս երթը գրաւեց տեղացիներուն, ինչպէս նաեւ տեղական լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը: