«Երկիր».- Արարատ Միրզոյեան դիմատետրի իր էջով յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը կը համարէ արցախահայութեան կեանքի իրաւունքի եւ անվտանգութեան ապահովման միակ ճանապարհը:
«Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը արցախահայութեան կեանքի իրաւունքի եւ ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման միակ ճանապարհն է: Աշխարհը պէտք է առերեսուի ասոր հետ», գրած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը: