Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 11 Հոկտեմբերին ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ այցելած է շարք մը բուժհաստատութիւններ եւ հանդիպած է բուժանձնակազմերուն հետ:
Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է պատերազմական այս ծանր պայմաններուն մէջ անոնց իրականացուցած մասնագիտական աշխատանքը` յայտնելով, որ այս օրերուն անոնց ցուցաբերած նուիրումը արժանի է միայն մեծարանքի: Նախագահ Յարութիւնեան յատուկ երախտագիտութիւն յայտնած է նաեւ Մայր Հայրենիքէն ու Սփիւռքէն ժամանած բժիշկները` արցախցի գործընկերներուն հետ կատարած միատեղ աշխատանքը համարելով ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ:
Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ ատրպէյճանական ռազմական արարքը որեւէ արդարացում չունի, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է շատ յստակ դիրքորոշում յայտնէ ստեղծուած իրավիճակին մասին: