ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան հերքած է Արպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, թէ Արցախի եւ Իրանի սահմանը ամբողջովին Ատրպէյճանի բանակի վերահսկողութեան տակ է: Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած է, որ սահմանի ողջ երկայնքով կ’ընթանան յամառ մարտեր:
«Սահմանի ողջ երկայնքով կ’ընթանան յամառ մարտեր, լիարժէք վերահսկողութեան մասին խօսք ընել կարելի չէ: Եթէ ինչ-որ տեղեր, նեղ տեղամասերու մէջ իրենց զօրքերը կը տեսնեն Արաքս գետը, չի նշանակեր լիարժէք վերահսկողութիւն», ըսած է Յովհաննիսեան: