«Արմէնփրէս».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի ուղիղ սփռումով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանաթրքական ուժերուն սանձազերծած արարքին հետեւանքով ստեղծուած վիճակին եւ հետագայ ընելիքներուն:
Ան յայտնած է, որ այս փուլին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը դիւանագիտական լուծում չունի, որովհետեւ Ատրպէյճան կ’ուզէ հարցը լուծել միայն զինուորական ճանապարհով ու անոնց համար ընդունելի միակ տարբերակը Արցախի գլխակարգութիւնն է:
«Պէտք է մենք յստակօրէն գիտակցինք, որ ԼՂ հարցը, գոնէ այս փուլին մէջ եւ այս փուլէն սկսեալ մինչեւ բաւական երկար ժամանակ դիւանագիտական լուծում չունի ու բոլոր այն յոյսերը, առաջարկները, թէ պէտք է դիւանագիտական լուծում գտնել, այս իրավիճակին մէջ, պէտք է համարենք աւարտած: Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ հարցը փոխզիջումներու տարբերակով լուծելու պատրաստակամութիւն ունինք: Կը նշանակէ, որ մեր դրած նշաձողէն կրնանք նուազեցնել յանուն լուծման` պայմանով, որ դիմացի կողմն ալ պէտք է իր նշաձողէն բան մը իջեցնէ: Բայց գործնականօրէն ցոյց տրուեցաւ, որ այս տրամաբանութիւնը այլեւս անընդունելի է Ատրպէյճանի համար», յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետը շեշտած է, որ այս իրավիճակին մէջ պէտք է մինչեւ վերջ, անմնացորդ, անսասան պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:
«Անկախ անկէ, թէ ինչ տեղի կ’ունենայ, պէտք է պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար: Այսօր պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար կը նշանակէ առաջին կարգին զէնք վերցնել եւ նուիրուիլ հայրենիքի իրաւունքի պաշտպանութեան գործին: Այս գործընթացը արդիւնաւէտ ու շարունակական կազմակերպելու պարագային է, որ մենք պիտի կարենանք հասնիլ մեզի համար ընդունելի դիւանագիտական լուծման: Ատրպէյճանը կ’ըսէ, որ որեւէ այլ բանի, բացի Ղարաբաղի գլխակարգութեան, համաձայն չէ: Հետեւաբար, պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը կը նշանակէ պաշտպանել հայ ժողովուրդի իրաւունքը: Առանց Արցախի չկայ Հայաստան», ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ այս պարագային է, որ մենք, ի վերջոյ, պիտի կարենանք մեզի համար ընդունելի դիւանագիտական լուծման հասնիլ:
«Իսկ դուք դա կը հասկնաք, թէ ինչ կը նշանակէ: Ես կ’ուզեմ ընդգծել, որ այստեղ խօսքը Ղարաբաղի մասին չէ, եւ ես նոյնիսկ չեմ ալ ուզեր քննարկել: Որովհետեւ տակաւին 90-ականներու ազատամարտի մեր հերոսները եւ մեր ամբողջ բնութագրումն է, որ մենք, ղարաբաղի մասին խօսելով, կը խօսինք ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին: Որովհետեւ մենք տակաւին 90-ականներու սկիզբը ձեւակերպած ենք, որ առանց Արցախի չկայ Հայաստան եւ, հետեւաբար, պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքը կը նշանակէ պաշտպանել հայ ժողովուրդի իրաւունքը: Ես հոս տարանջատում չեմ գտներ: Իսկ սա այսօր առաջին կարգին կը նշանակէ կռուիլ, զէնք վերցնել եւ կռուիլ յանուն այդ իրաւունքներուն այնքան ժամանակ, մինչեւ կարելի պիտի ըլլայ դիւանագիտական եղանակով հասնիլ ընդունելի որեւէ տարբերակի: Ես կը խօսիմ հարցի վերջնական լուծման մասին: Եւ կը կարծեմ, որ այս գործընթացը պէտք է կազմակերպէ եւ իրականացնէ մեր ժողովուրդի քաղաքական ղեկավարութիւնը», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը կամաւորական ջոկատներ ստեղծելու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան զինուորագրուելու կոչ ուղղած է: «Այս կոչը կ’ուղղեմ մեր երկրի բոլոր քաղաքապետներուն, գիւղապետներուն, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման բոլոր մարմիններուն, այդ մարմիններու ղեկավարներուն, կուսակցութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն, քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն, որ անոնք ստանձնեն ղեկավարութիւնը, ձեւաւօրեն կամաւորական ջոկատներ, որոնք կ’իրականացնեն հայ ժողովուրդի իրաւունքի պաշտպանութեան գործը: Անոնք պէտք է ըլլան Գլխաւոր շտապի պետի տրամադրութեան տակ ու ձեւաւորման պահը պէտք է համարուի համարժէք զինուորական երդումը, որ կը նշանակէ, որ անոնք պէտք է կանգնին ամուր այն տեղերը ու իրականացնեն այն հարցը, որ անոնց առջեւ պիտի դրուի հրամանատարութեան կողմէ», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետը յայտնած է, որ սա շրջադարձային պահ է, ու ասով պէտք է լուծուին հայ ժողովուրդի վերջին 500 տարուան հարցերը:
«Մենք ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդ ենք, իսկ ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած այն պատճառով, որ եղած է տրամադրութիւն, թէ «ինչ-որ տեղ կան մարդիկ, որոնք պիտի կանգնին ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, բայց այդ մարդը, երեւի, ես չեմ»: Այսօր կան այդպիսի մարդիկ, բայց պէտք է անոնց կողքը կանգնիլ, որովհետեւ անոնցմէ` մեր հերոսական շարքայիններէն, սպաներէն ու կամաւորներէն շատերը զոհուած են յանուն հայրենիքին ու պէտք է անոնց փոխարէն կանգնիլ: Մենք բոլորս պէտք է կանգնինք: Դու՛ ես այն մարդը, որ այսօր պէտք է զէնք վերցնէ ու երթա՛ մեր հերոս տղոց կողքը կանգնէ ու տանի այդ յաղթանակը, որ մեր նպատակն է: Իրավիճակը մեզի այլ ընտրութիւն, բացի յաղթանակը, թոյլ չի տար, չկայ միջանկեալ տարբերակ: Յաղթանակը կը պահանջէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ջանքը», յայտնած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ Ղարաբաղեան առաջին պատերազմի ժամանակ վիճակը շատ աւելի յուսահատ ու բարդ էր, կը թուէր, որ ալ ոչ մէկ ելք ու լուծում կայ, բայց մեր ժողովուրդը գտաւ այդ լուծումը, որովհետեւ կային մարդիկ, որոնք իրենց վրայ վերցուցին հայ ժողովուրդի ճակատագիրի պատասխանատուութիւնը:
«Մեր հերոսները կը նային մեզի, ու մենք պէտք է առիթ չունենանք մեր հայեացքը փախցնելու իրենցմէ, որովհետեւ անոնք հայրենիքին տուին ամէն ինչ ու խնայեցին ոչինչ, հիմա եկած է մեր ժամը», ըսած է Փաշինեան:
Կառավարութեան ղեկավարը շեշտած է, որ այսօր եւ այս ողջ ընթացքին բարձր կը գնահատէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ գործակցութիւնը: «Մենք կը զգանք Ռուսիոյ աջակցութիւնը որպէս հայաստանի հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի ռազմավարական դաշնակից: Կայ մշտական հաղորդակցութիւն մեր երկիրներուն միջեւ, եւ մենք կարելի եղածին չափ ամենաբարձր եւ արդիւնաւէտ կերպով փոխգործակցած ենք եւ կը փոխգործակցինք այս հարցով, այս իրավիճակին լուծում գտնելու համար: Իմիջիայլոց, եւ այն փաստի նկատառումով, որ Ռուսիան նաեւ կը հանդիսանայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ եւ մինեւնոյն ատեն կը հանդիսանայ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը: եւ ես կը կարծեմ, որ այս երկու կարգավիճակին բերումով Ռուսիան մինչեւ օրս ըրած է առաւելագոյնը եւ, համոզուած եմ, ասկէ վերջ ալ պիտի ընէ առաւելագոյնը: Ասկէ ընդհանրապէս չեմ կասկածիր», ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:
Միաժամանակ վարչապետը նկատած է, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Արցախի դէմ սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի մարտի կը նետեն իրենց վերջին պահեստները:
«Առաջնագիծին բաւական բարդ, դժուար իրավիճակ ստեղծուած է: Արցախի ողջ հարաւին մարտական գործողութիւններ կ’ընթանան: Մեր դիտարկումները ցոյց կու տան, որ հակառակորդը մարտի կը նետէ արդէն իսկ վերջին պահեստները: Անոնց աղբիւրները շատ մեծ են, բայց մեր հերոսական զինուորները աննկարագրելի ծաւալի կորուստներ կը պատճառեն հակառակորդին», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի մեծ կորուստներուն պատճառներներէն մէկը, որ այդ երկիրը կը հրաժարի մարդասիրական հրադադարի հաստատումէն:
«Մարդասիրական հրադադարի իմաստն ու նպատակներէն մէկն է, որ զոհուածներու մարմինները հաւաքուին, խնամուին, կատարուին յուղարկաւորութիւններ: Ատրպէյճանը կը վախնայ իրենց կազմակերպած էյֆորիայի հարթակին տասնեակ հազարի մօտ դիակներու, մարմիններու ի յայտ գալէն: Ահռելի քանակի զինթեքնիքական կորուստներ ունին, աւելին, որ մենք սկսած ենք խոցել նաեւ թրքական Bayraktar-ները: Մարդասիրական հրադադարին հետեւանքով պիտի բացայայտուին նաեւ վարձկաններու ու թրքական զօրքերու զինուորներուն դիակներ», յայտնած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին համաձայն, մենք այսօր պիտի կրկնենք մեր պատմութեան ոչ թէ աղէտալի հատուածը, այլ հերոսական հատուածը, որովհետեւ 90-ականներուն Ղարաբաղեան առաջին պատերազմի ընթացքին վիճակը շատ աւելի յուսահատ էր, շատ աւելի բարդ էր, կը թուէր, թէ ալ ոչ մէկ ելք ու լուծում չկայ, բայց մեր ժողովուրդը գտաւ այդ լուծումը, որովհետեւ կային մարդիկ, որոնք իրենց վրայ վերցուցին հայ ժողովուրդի ճակատագիրին պատասխանատուութիւնը: «Եւ կ’ուզեմ դարձեալ ըսել, որ մեր առաջին ազատամարտի հերոսները` Մոնթէ Մելքոնեան, Թաթուլ Կրպեյեան, Ճիւան Աբրահամեան, Մովսէս Գորգիսեան, Վազգէն Սարգսեան, կը նային մեզի: Կը նային մեզի, եւ մենք պէտք է նայինք իրենց եւ իրենց աչքերուն մէջ: Եւ մենք պէտք է առիթ չունենանք մեր հայեացքը փախցնելու անոնցմէ: Որովհետեւ անոնք Հայրենիքին տուին ամէն ինչ ու խնայեցին ոչինչ: Հիմա եկած է մեր ժամը` հայրենիքին տալու ամէն ինչ եւ խնայել ոչինչ: Եւ յիշէ՛, որ Հայաստանի ապագան կախեալ է մէկ մարդէ, եւ այդ մէկ մարդը Դուն՛ ես: Կը սիրեմ բոլորդ: Կը հպարտանամ բոլորովդ եւ կը խոնարհիմ բոլորիդ առջեւ: Կ’ուզեմ, որ մենք բոլորս մեր հոգիին եւ մտքին մէջ ուժեղացնենք, կառուցենք, կոփենք յաղթանակի կամքը եւ յաղթանակի ոգին: Իրար աչքերուն մէջ տեսէք յաղթանակը: Աչքերու, հոգիի, մտքի մէջ պէտք է նախ յաղթանակը ձեւաւորուի:
Յաղթանակի կամքը մեզի պէտք է ըսէ, որ մենք չենք նահանջեր, մենք չենք ընկրկիր, մենք չենք կոտրուիր: Մեզ կարելի չէ յաղթել: Եւ մենք պիտի յաղթենք: Եւ այդ յաղթանակը կախեալ է մէկ մարդէ, եւ այդ մէկ մարդը դո՛ւն ես: Կեցցե՛ն մեր երեխաները, որ պիտի ապրին ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի մէջ, ազատ եւ երջանիկ Արցախի մէջ», եզրափակած է վարչապետը: