ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը գուժէ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան ընկեր Կիմ Խաչատրեանի եւ ՀՅԴ Էջմիածնի «Վաչէ Ռոստոմեան» կոմիտէութեան համակիր ընկեր Մայիս Նազարեանի մահը:
Անոնք Արցախ մեկնած էին ՀՅԴ կամաւորական վաշտերէն մէկուն կազմով, զոհուած են 31 Հոկտեմբերին` առաջնագիծին մղած մարտերու ընթացքին:
Կիմի վերջին հրապարակումը. «Բախտը մէկն է զինուորին` կամ մահ, կամ ազատութիւն»
Հայկական բժշկական հիմնարկի 5-րդ կարգի ուսանող Կիմ Խաչատրեան արդէն տեւական շրջան է, առաջնագիծի վրայ էր, ուր մեկնել էր ՀՅԴ կամաւորական վաշտերէն մէկուն կազմին մէջ ընդգկուելով:
Շնորհալի, կեանքի մէջ ազգային արժէքներով ու աւանդոյթներով առաջնորդուող, հայրենիքը անսահման սիրող Կիմը ծնած է 17 Մարտ 1995-ին` Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղը, 2001-2012 թթ. սորված եւ աւարտած է Արենիի միջնակարգ դպրոցը: 2013-2015 թթ. ծառայած ՀՀ զինեալ ուժերու մէջ (Մեղրի): Նպատակ ունէր ուսումը աւարտելէ ետք մասնագիտական գործունէութիւնը ծաւալել հայրենի գիւղին, հիմնել ատամնաբուժարան:
Yerkir.am-ը ներկայացուցած է ՀՅԴ կամաւորական վաշտերու մարզանքներու վայրին մէջ պատրաստուած տեսանիւթերէն մէկը, ուր իր վերջին հարցազրոյցը տուած է Կիմ Խաչատրեանը, իսկ Մայիս Նազարեանը կը կատարէ զինավարժանքներ: