ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն տարածաշրջան օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներուն տեղակայման մասին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ․
«1 Նոյեմբերին մարտական գործողութիւններու ընթացքին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէն գերեվարուած է Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն համար ներգրաւուած օտարերկրեայ զինեալ երկրորդ ահաբեկիչը, որ ներկայացած է որպէս Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի Ճըսըր ալՇուղուր շրջանի Զիյատիա գիւղի բնակիչ Իւսուֆ Ալաապետ ալ Հաճի: Նշենք, որ 30 Հոկտեմբերին Արցախի ՊԲ գերեվարած էր մէկ այլ զինեալ ահաբեկիչ, որ ներկայացած էր որպէս Մըհըրապ Մուհամմատ Ալ Շխայիր` Սուրիոյ Համա քաղաքէն:
Հայկական կողմը բազմիցս բարձրաձայնած է Թուրքիոյ կողմէն Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր «թէժ կէտերէն», մասնաւորապէս` Սուրիոյ` իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն եւ Լիպիայէն Արցախի ժողովուրդին դէմ վայրագութիւններ իրականացնելու նպատակով օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներուն եւ ճիհատիսթներու հաւաքագրումին, տարածաշրջան տեղափոխման եւ տեղակայման մասին: Վերոնշեալ փաստը ներկայիս ոչ միայն հաստատուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու յատուկ ծառայութիւններուն, մեր բազմաթիւ գործընկերներուն եւ միջազգային հանրութեան կողմէն, այլեւ արդէն ահաբեկիչներուն ուղղակի վկայութիւններով:
Իրենց վկայութիւններուն մէջ վերոնշեալ ահաբեկիչները մանրամասն տեղեկատուութիւն փոխանցած են իրենց հաւաքագրման գործընթացի, «Կէաւուր» (անհաւատներու) դէմ պայքարի համար ակնկալուելիք ամսական վճարումներուն եւ իւրաքանչիւր «անհաւատի» գլուխ կտրելուն համար «պարգեւավճարներու», ինչպէս նաեւ իրենց կողմէն իրականացուելիք ահաբեկչական ծրագիրներուն մասին: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի ճիհատիստներու տեղափոխումը կը բացայայտէ հակամարտութեան միջկրօնական բնոյթ հաղորդելու թուրք-ատրպէյճանական ղեկավարութեան նպատակը:
Սա ահաբեկչութեան տարածման լիովին նոր դրսեւորում է, երբ ԵԱՀԿ տարածքին մէջ գտնուող հակամարտութեան գօտիին մէջ տեղակայուած Մերձաւոր Արեւելքէն օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներ եւ ճիհատիսթներ, որ լուրջ սպառնալիք է միջազգային եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար:
Հայաստանը պիտի շարունակէ հետեւողական քայլեր ձեռնարկել միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղութեամբ` գործակցելով բոլոր շահագրգիռ գործընկերներու հետ»: