Նկատի ունենալով, որ հայ դպրոցը հայակերտման ու հայապահպանման դարբնոցն է, ուր հայ մանուկը ազգային ոգիով կը սնանի ու կը մեծնայ ապագային դառնալու պահապանն ու պաշտպանը ազգային ինքնութեան նա մանաւանդ սփիւրքի տարածքին ։Առ այդ
Երեքշաբթի 27, Հոկտեմբեր 2020- ի առաւօտուն, Ճեզիրէի առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի Ս.Յակոբ Եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Ազգային դպրոցներու հոգաբարձութեան այցելեց Գամիշլիի ազգային Եփրատ մանկապարտէզն ու նախակրթարանը, եւ Ազգային Միացեալ միջնակարգն ու երկրորդական վարժարանը, մօտէն հետեւելու դպրոցներու իրավիճակին։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ տնօրէններու, տեսուչներու եւ ուսուցչական կազմերուն հետ ուր արծարծուեցան զանազան հարցեր եւ ներկայացուեցան առաջարկներ ի նպաստ դպրոցներու, ուսումնական տարեշրջանի յաջող ու հեզասահ ընթացքին։ Հոգեշնորհ հայրսուրբը իր կարգին նախ բարձրօրէն գնահատեց ազգային դպրոցներու կրթական մշակները, որոնք նուիրումով եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ կ՚աշխատին հայ ազգի զաւակներուն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն եւ կը հետեւին իրենց ուսման ընթացքին։ Ապա մաղթեց բոլորին յաջող անփորձանք եւ առողջ տարեշրջան։ Աշակերտներուն ուղղած իր խօսքերուն մէջ ան շեշտեց հայերէն լեզուի կարեւորութիւնը, յայտնելով որ մենք սփիւռքի մէջ պէտք է պահապան ըլլանք մեր ազգային արժէքներուն, լեզուին, մշակոյթին ու պատմութեան։ Մենք Հայաստան չենք ծնած, սակայն Հայաստանը մեր սրտերուն հոգիներուն մէջ է, եւ այսօր, երբ Արցախը կը մղէ գոյատեւման պայքար, մենք մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի արդար պայքարին եւ կը հաստատենք համայն աշխարհին, որ Արցախը հայկական հող է եւ յանուն արդարության պէտք է ճանչնալ Արցախի ազատ ու անկախ պետութիւնը։
Կեցցէ՛ Արցախը։ Կեցցե՛ն Հայաստանն ու հայկական հզօր բանակը։ Կեցցե՛ն Սուրիան ու Սուրիոյ աննահանջ բանակը եւ քաջարի նախագահ Պաշար ալ Ասատը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն