Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խստագոյնս եւ վճռականօրէն կը դատապարտէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած զինեալ արարքի ընթացքին միջազգային իրաւունքով արգիլուած` Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի վարման մեթոտներու եւ միջոցներու շարունակական կիրառումը:
Արցախի ԱԳՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը բացի քասեթային արկերէն սկսած են նաեւ ֆոսֆոր պարունակող հրկիզող զինամթերք օգտագործել Արցախի Հանրապետութեան բնակավայրերու մերձակայքը գտնուող անտառապատ տեղանքներուն մէջ, ուր յարակից գիւղերու խաղաղ բնակչութեան մէկ մասը ժամանակաւորապէս պատսպարուած է ատրպէյճանական խոտորեցնող խումբերու գործողութիւններէն:
«Պաշտօնական Պաքուն, հակառակ իր յայտարարութիւններուն, թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու թիրախը միայն ռազմական առարկաներ են, իրականութեան մէջ դիմած է Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ահաբեկման մարտավարութեան:
Նախեւառաջ` անհրաժեշտ է դիտարկել Ատրպէյճանի կողմէն մարդասիրական հրադադարի պահպանման հետեւողական մերժումը, որովհետեւ ռազմական գործողութիւնները չդադրեցնելը Պաքուի իշխանութիւններուն թոյլ կու տայ շարունակել Արցախի խաղաղ բնակչութեան ահաբեկումը: Այդ նպատակներով է, որ ատրպէյճանական կողմը դիմած է արգիլուած զէնքի օգտագործման, խաղաղ բնակիչներուն եւ քաղաքացիական առարկաներուն՝ բժշկական հաստատութիւններուն վրայ կանխամտածուած յարձակումներու իրագործմանը` իր առջեւ որպէս հիմնական հարց դնելով Արցախի ողջ բնակչութեան բնաջնջումն ու բռնի տեղահանումը: Նման պայմաններու մէջ, որպէս ամբողջ ժողովուրդի հաւաքական եւ անհատական իրաւունքներուն զանգուածային ոտնահարումները կանխելու եւ անոր ֆիզիքական ոչնչացումէն պաշտպանելու արդիւնաւէտ միջոց` միջազգային հանրութիւնը ձեւաւորած է այդ ժողովուրդներուն` յանուն փրկութեան անջատուելու եւ որպէս անկախ պետութիւն միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մտնելու իրաւունքը ճանչնալու ձեւ:
30 տարի առաջ Արցախի ժողովուրդը ընտրած է անկախութեան ուղին` որպէս հայ բնակչութեան բնաջնջման Ատրպէյճանի նպատակաուղղուած քաղաքականութենէն պաշտպանուելու միջոց: Համոզուած ենք, որ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէն իրենց յանցաւոր ծրագիրը աւարտին հասցնելու շարունակական փորձերու պայմաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչումը համաշխարհային հանրութեան արդիական եւ հասունացած միջոց է` իրականացնելու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կանխելու համընդհանուր ընդունուած պարտաւորութիւնները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: