Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պողօսեան կը տեղեկացնէ.
«Սուրիացի ահաբեկիչը գերեվարած է Արցախեան առաջին պատերազմի հրամանատար, «Արցախի հերոս» Վլատիմիր Բալայեանի որդին` Ալեքսէյ Բալայեանն` իր ընկերներուն հետ միասին: Իւսէֆ Էլաապեբ Էլհաճին անուն-ազգանունով ներկայացած ահաբեկիչը սուրիական Իտլիպ քաղաքէն մեծ խմբաւորման հետ նախ տեղափոխած են Թուրքիա, ապա` Պաքու: Ըսած է` իր հետ եկողներուն մէկ մասը արդէն շեհիտ են:
Այս թափթփուկին պատմելով` ազերիներն ու թուրքերը շատ փող խոստացած են, բայց տակաւին կոպեկ չեն վճարած»: