«Երկիր Մետիա».- 1 Նոյեմբերին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ցամաքային զօրքերու ներուժը լրջագոյնս վնասուած են եւ հիմնական յոյսը մնացած են վարձկանները:
«Մենք այսօր ցուցադրեցինք երկրորդ վարձկան ահաբեկիչը, որ խոստովանեցաւ, թէ ինչպէս հաւաքագրուած, վճարուած եւ ինչպէս ան օգտագործուած է Ատրպէյճանի կողմէն մեր դէմ: Այս առնչութեամբ կրնամ ըսել, որ տակաւին բազում անակնկալներ կան, որքան ալ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը փորձեն հերքել վարձկան ահաբեկիչներուն առկայութիւնը եւ օգտագործումը», ըսած է Յովհաննիսեան:
Ան դիտել տուած է, որ հայկական կողմը  տիրապետած է տեղեկութիւններու, թէ ո՛ւր, ո՛ր տեղամասի մէջ եւ ինչպէ՛ս վարձկան ահաբեկիչները օգտագործուած են եւ ի՛նչ հարցեր կը փորձեն լուծել անոնց միջոցով:
«Պէտք է ըսել, որ անոնց միջոցով առաջին գիծին մէջ որոշակի հարցերու կատարման փորձերը կը վկայեն, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ցամաքային զօրքերը լրջագոյնս վնասուած են եւ անոնք հիմնականօրէն իրենց յոյս դրած են վարձկաններու վրայ», եզրափակած է Յովհաննիսեան: