«Արմնէփրէս».- ԱՄՆ Օհայօ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճէյ Թոտ Սմիթ մտադիր է նահանգի օրէնսդիր ժողովին ներկայացնել Արցախի ինքնորոշումը ճանչցող, ինչպէս նաեւ Արցախի դէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծած արարքը դատապարտող բանաձեւ: ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբին տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ այս բանաձեւի մասին Օհայօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի քուէարկութիւնը կրնայ կայանալ 14 Նոյեմբերին:
Բանաձեւը պիտի ընդգծէ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ ԱՄՆ վարչակազմի աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը ` հակամարտութեան կայուն եւ խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար:
«Օհայոյի մէջ բնակող եւ աշխատող հայազգի ամերիկացիին համար պատիւ էր նահանգի ներկայացուցիչ Ճէյ Թոտ Սմիթի հետ աշխատիլ այդ օրէնսդրութեան վրայ: Իսկապէս ոգեւորիչ է իմանալ, որ մեր համայնքը ունի Օհայօ նահանգի ներկայացուցիչներ, որոնք ոչ միայն կը պաշտպանեն մեր շահերը ` Օհայոյի մէջ, այլեւ կը հասկանան այն արժէքը` ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը, որ կարեւոր դեր կը խաղայ ամբողջ աշխարհի մէջ», ըսած է Օհայօ նահանգի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Դաւիթ Գրիկորեան:
Բանաձեւի ընդունումէն ետք Օհայօ նահանգի օրէնսդիր մարմինը կը միանայ ԱՄՆ ինը նահանգներուն եւ անհամար քաղաքներուն ու շրջաններուն ` Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման եւ անկախութեան ճանաչման հարցին մէջ: