«Արմէնփրէս».- Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ Արցախի  Մարտունի քաղաքը Ատրպյճանի զինեալ ուժերու կողմէն ենթարկուած է ռմբակոծութեան:
«Այսօր հերթական անգամ այստեղ կիրառուեցաւ ռազմական գործողութիւն եւ աւերածութիւններ ու նիւթական վնասներ պատճառեց խաղաղ բնակչութեան:
Միւս բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ  Ստեփանակերտի մէջ պարբերաբար հնչող օդային տագնապը կապուած է բնակչութեան իրազեկման համար` երկնային տիրոյթին մէջ յայտնուող հակառակորդի օդուժի եւ սպասուող սպառնալիքին հետ կապուած: