Երեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի Ֆինանսի Նախարարութիւնը Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2020-ին հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ՝ Սուրիոյ Քարիւղի Նախարարութեան եւ Ազգային Պաշտպանութեան Ուժերուն դէմ տնտեսական ապօրինի պատժամիջոցներ սահմանելով: Պատժամիջոցներ սահմանուեցան նաեւ քարիւղ արտադրող եւ զինուորական կառոյցներու շինարարութեան պատասխանատու համարուող ինն ընկերութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ վեց սուրիացի քաղաքացիներու դէմ: