Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հայ ժողովուրդին կոչ ուղղեց հեռու մնալու ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ եւ քայլերէ: Արամ Ա. կաթողիկոս այս մասին գրած է դիմատետրի իր էջին վրայ:
«Պարտադրուած համաձայնութիւններուն նկատմամբ, որքան ալ անխուսափելի ըլլան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մերժումը բնական է ու արդար: Սակայն, այս ճակատագրական օրերուն մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ միակամ ու խոհեմ՝ հեռու մնալով մեր ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ: Աշխարհը պէտք է իմանայ, թէ բոլոր պայմաններուն մէջ Արցախը մե՛րն է ու մե՛րը պիտի մնայ այսօ՛ր ու յաւիտեան», գրած է Արամ Ա. կաթողիկոս: