Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեան որոշում առած է ազատ արձակելու ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Անոր պաշտպան Լուսինէ Սահակեան լրագրողներուն տեղեկացուց այս մասին: «Արթուր Վանեցեանն ու Իշխան Սաղաթէլեանը դատական նիստերէն վերջ հրաւիրուած են ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւն, ուր հիմա կը ներկայանան: Ընթացքի մասին հանրութեան կը տեղեկացնենք հետագային»,գրած է Սահակեան:
«Պայքարը պիտի շարունակուի, գերագոյն խրտուիլակը պէտք է հեռանայ եւ վերջ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան` հանրահաւաքի ելոյթներէն:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը իր ձերբակալութիւնը միանշանակ կը համարէ քաղաքական:
Դատարանի այն որոշումը, ըստ որուն ազատ կ՛արձակուի ընդդիմադիր գործիչը, անոնք մեկնաբանեցին այսպէս` դատարանները հրաժարեցան օգնելէ իշխանութիւններուն, որ մեր հայրենիքը դիւրութեամբ յանձնեն, շարունակութիւնը կը մնայ ժողովուրդին:
Իբրեւ խօսքի եզրափակում Իշխան Սաղաթէլեան անգամ մը եւս վանկարկեց․ «Նիկո՛լ․ դաւաճան»: