Ամբողջ աշխարհի հայութեան նման, քեսապցիին ալ ամէնօրեայ մտահոգութիւնն ու վիշտը մեծ են Արցախի ներկայ իրավիճակին նահատակութեամբ, ժողովուրդին տեղահանութեամբ, հազարաւոր հերոսներու, ինչպէս նաեւ հալէպահայ գաղափարակից ընկերներուն՝ Յարութիւն Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի նահատակութեամբ:
Մասնակցելով հոգեհանգստեան արարողութեան, քեսապցին իր յարգանքն ու խոնարհումը յայտնեց Արցախի գոյապայքարի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներուն յիշատակին:
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ներկայ սգակից ժողովուրդը ուղղուեցաւ «Սահակեան» սրահ, ուր մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց նահատակ հերոսներուն յիշատակը, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք՝ Տէր Արշակ Քահանայ Ալաճաճեանի կողմէ, որմէ ետք ընթերցուեցաւ դամբանականը գաղափարակից ընկերոջ՝ Յարութիւն Լնդեանի կողմէ: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ զոհուած հերոսներուն նուիրուած տեսերիզ: Արարողութիւնը աւարտին հասաւ քահանայ հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Դամբանական

Սիրելիներ՝ Յարութ, Յակոբ եւ Մոսիկ,
Մեր թանկագին ընկերներ,
Կարճ ժամանակ առաջ մեզի հետ էիք, մեր կողքին, պարզ, համեստ, անձնուէր, ընկերասէր, սակաւախօս ձեր յատկութիւններով, ընկերական հարազատ ջերմութեամբ: Ապրեցաք մեզի հետ համահաւասար, առանց ցոյց տալու, որ հերոսներ էիք մէկական: Ձեր կրակէ մկրտութիւնը ստացաք Հալէպի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, չխնայեցիք ոչինչ ու ձեր ճամբուն պսակումը եղաւ Շուշին:
Դարձեալ մեզի հետ էք, բայց արդէն ու ասկէ ետք ձեր բարձունքէն՝ Շուշիէն, անկէ է որ մեզ կը պատգամէք արիութիւն եւ հերոսութիւն:
Ձեր կարմիր գոյժը փոթորկեց մեր հոգիները,, միաժամանակ գօտեպնդեց մեզ: Դուք հսկայացած էիք, դուք անմահացած էիք, դուք հերոսացած էիք…. բարձունքի վրայ, զէն ի ձեռին, յանուն հողի ու հայրենիքի: Սուրիահայութեան շունչը, կորովը, նուիրումը, բազուկը տարած էիք ձեզի հետ՝ զանոնք միախառնելու հայրենական պատերազմի գուպարին:
Դուք մեր լաւերն էիք, առաջիններն էիք, լաւերուն մէջ լաւագոյնները ու կամաւորագրուեցաք: Ձեր ընտրութիւնը կամաւոր էր ու գիտակցուած: Պաշտպանած էիք Սուրիական Հայրենիքը, հալէպահայութիւնը եւ հայհայոծ շրջանները Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած ահաբեկիչներուն յարձակումներէն: Կ’երթայիք պաշտպանելու Արցախը՝ նոյն թշնամիին դէմ կանգնելով:
Ընկե’ր Յարութ, մինչ այդ ինչքան ծանր պատասխանատուութիւններ ստանձնած էիր, մեծ բեռ կրած էիր ուսերուդ, լուռ ու մունջ, անուշ ժպիտովդ:
Սուրիոյ մէջ, թէ հայրենիքի, գործդ, նուիրումդ, ծառայութիւնդ գնահատած էին զինուորական պատասխանատուներ, թէ պետական ղեկավարներ: Հայրենիքի կողմէ պարգեւատրուած էիր:
Երեքդ ալ, արդ,, շքանշանակիր ասպետներ էք, արիութեան մետալակիրներ: Մարտակոչին ի պատասխան հնչեց ձեր պատասխանը՝ «Ուխտել ենք կռուիլ, այդ սիրով մեռնիլ …»:
Մարտը ահեղ էր, թշնամին նենգ ու վայրագ: Դուք մարտի դաշտն էիք: Պատանեկանի եւ երիտասարդականի մէջ ձեր ստացած դաստիարակութեամբ, ձեր փորձառութեամբ, գլխագիր գործի մէջ ձեր ունեցած լիակատար ու նուիրական պատրաստակամութեամբ դուք յաղթեցիք եւ հայ զինուորը յաղթեց, հայու հերոսական ոգին յաղթեց, բայց աւա՜ղ իշխանութիւնը պարտուեցաւ:
Հիմա խոցուած է բոլորիս արժանապատուութիւնը, որովհետեւ ի՜նչ-ի՜նչ հաշիւներով, անձնական փառասիրութեան եւ անձնական իշխանութիւն պահելու դիմաց՝ գործարքի թէ այլ ձեւով յանձնուած է Շուշին, Արցախի մեծ մասը: Մեր հայրենիքին վաղուան օրը շատ անորոշ է, բայց գիտէ՞ք, հայրենիքի փրկութեան շարժում սկսած է, ձեր ընկերները դեռ Արցախի մնացած սահմանները կը պահեն, կամաւորական մեր ջոկատները կը մեկնին Արցախ: Պատերազմը դեռ չէ աւարտած, մեր կռիւը դեռ կը շարունակուի: Մեր յոյսը դո’ւք էք, մեր յոյսը ձեր օրինակն է, ձեր անձուրացութիւնն ու նուիրումը: Մեր աչքերը յառած կը մնան ձեր բարձունքին, որովհետեւ դո’ւք հոն էք, ձեր սխրանքը հոն է եւ հոն է ձեր կեանքին վերջին լոյսը: Այդ բարձունքէն կ’առնենք մեր ամրութիւնն ու հպարտութիւնը:
Երբեք անցեալի ժամանակով պիտի չխօսինք ձեր մասին, որովհետեւ դուք ներկայ պիտի ըլլաք ինչպէս մեր, այնպէս ալ գալիք սերունդներուն կեանքին մէջ: Ձեր զոհաբերումը անթառամ պիտի մնայ ու պիտի ծաղկի:
Պատիւ ունեցաք կրելու հայրենի բանակին համազգեստը, անմահացաք իբրեւ զինուորներ, երբ արդէն զինուորներն էիք 130 ամեայ կուսակցութեան: Փա՜ռք ու պատիւ ձեզի: Հայոց բանակը կայ ու կը մնայ յաղթական:
Այսօր մեր յարգանքի ծաղկեպսակը կազմուած է շուրջ հինգ հազար թարմ ծաղիկներէ, այդ պայծառ բոյլին մէջ դուք երեքն էք, անուն առ անուն կը խոնարհինք ձեր բոլորին յիշատակին առջեւ:
Բախտաւոր օր մը պիտի այցելենք ձեզի՝ աւետելով, որ Շուշին մերն է: Խունկ ու լոյս ձեր շիրիմներուն: Յարգանք ու երկիւղածութիւն ձեր ընտրած ճամբուն ու գործին, խոնարհում ձեր անմեռ յիշատակին:
Սուրիահայութեան նորագոյն հերոսներ, մեր աննման ընկերներ՝ Յարո’ւթ, Յակո’բ եւ Մոսի’կ:
Յաւե’րժ փա՜ռք ձեզի: