Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ թրքական բանակը կը շարունակէ Իտլիպի հարաւային արուարձանին մէջ գտնուող «Զաուիէ» լերան շուրջ հսկողութեան կեդրոններ հաստատել: Շրջանը կը գտնուի Հալէպ-Լաթաքիա մայրուղիին հարաւային բաժինը, որ ճանչցուած է որպէս «M4» մայրուղի: Այսպիսով շրջանին մէջ թրքական ուժերուն հսկողության ենթակայ 13 կեդրոն կ’ըլլայ:
Թրքական ուժերը հսկողութեան կեդրոններ հաստատելով լարուածութիւնը կը սաստկացնեն Մոսկուայի դէմ, որովհետեւ վերջինս համամիտ չէ զինուորական գետնի վրայ միակողմանի որոշումներ գոյացնելու առանց իր յօժարութեան: Թրքական այս ընթացքը բոլորովին կը հակասէ Անգարայի մէջ 16 Նոյեմբեր 2020-ին, երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական մակարդակով տեղի ունեցած համաձայնութեան, ըստ որուն թրքական ուժեր «M4»ի հարաւային բաժինին մէջ իրենց հսկողութեան կեդրոնները պիտի նուազեցնէին, ետքը բոլորովին պիտի քաշուէին շրջանէն:
Աղբիւրը յայտնեց, որ թրքական ուժերուն ենթակայ շարասիւն մը Քաֆարլոսինի ապօրինի միջանցքէն Իտլիպի հիւսիսային բաժինը մուտք գործեց եւ կայք հաստատեց «Ռուէյհա» եւ «Պալիուն» գիւղերուն մէջ: