ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան անժամկէտ հացադուլ յայտարարած է՝ պահանջելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Գեղամ Մանուկեանի գրառումը կը ներկայացնենք ստորեւ․

«Իբրեւ ՀՀ Քաղաքացի, որ

– մտահոգ է այս վիճակի համար,

– ապրում է անձնական, ազգային ողբերգութիւն, ՀՀ իշխանութիւնների ու յատկապէս՝ վարչապետ Փաշինեանի վարած ապաշնորհ ու քայքայիչ գործունէութեան արդիւնքում մեր Հայրենիքի մի կարեւոր հատուածի կորստեան պատճառով, – գիտակցելով, որ այս իշխանութիւնը, վարչապետ Փաշինեանը անկարող են երկրում կատարել փոփոխութիւնների, վարել բանակցութիւնների ու Արցախեան հարցում փորձել ստանալու հնարաւորինս բարւոք պայմաններ,

Յայտարարում եմ ԱՆԺԱՄԿԷՏ ՀԱՑԱԴՈՒԼ մէկ պահանջով՝

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Այլ մանրամասներ կը ներկայացնեմ ժամը 13։00 Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանին մօտ։

Նիկոլը պէտք է հեռանայ…»: