«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խօսած է Արցախի մէջ մարտական գործողութիւններէն վերջ իրականացուող դիւանագիտական աշխատանքներուն եւ առհասարակ հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ դերին մասին:
«Մենք  զինադադարի պայմաններուն կատարումը վերահսկելու համար եռակողմ համաձայնագիրի 5-րդ կէտով ամրագրուած միատեղ կեդրոն հիմնելու նպատակով 11 Նոյեմբերին Ռուսիոյ հետ առանձին յուշագիր ստորագրեցինք: Կը հաւատանք, որ այս պայմանագիրը միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրուածքով շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին, նոյնիսկ Հայաստանի համար», ըսած է Չաւուշօղլուն:
Չաւուշօղլուն պնդած է, որ տարածաշրջանի մէջ «Խաղաղութեան ու կայունութեան ճամբան Թուրքիայէն պիտի անցնի» եւ Անգարան պիտի շարունակէ սատարել Ատրպէյճանին: