«Երկիր Մեդիա» ՀԸ լրատուական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ` անդրադառնալով հարցումին, թէ ինչու ընտրած է հացադուլը, միթէ՞ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելու պայքարին այլ ձեւ չէ մնացած:
«Բոլոր ձեւերը կիրառելի են, որովհետեւ վայրկեան առաջ Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալը կենսական անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի եւ Արցախի համար եւ առաջին կարգին, որ վերականգնի պետական համակարգի գործունէութիւնը:15 օր անցած է այդ չարաբաստիկ յայտարարութեան ստորագրումէն, 15 օր շարունակ որեւէ քայլ չէ իրականացուած, մինչեւ դժբախտութեան մէջ գտնուող մեր հարիւրաւոր հայրենակիցներու ուղղուիլը կառավարութիւն, Պաշտպանութեան Նախարարութիւն, յետո՞յ միայն պէտք է պետութիւնը գործի անցնէր: Պետական համակարգը չէր գիտակցեր հարցին, քանի որ պետական համակարգի գլուխին անճար, ժողովրդական մարդ մըն է, որ կառավարչական որեւէ հմտութիւն, ունակութիւն չունի` վկան վերջին 2,5 տարին է», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութենէն որեւէ մէկը մօտեցա՞ծ է իրեն, Մանուկեան ըսաւ. «Ոչ մէկը մօտեցած է ինծի, ոչ ալ կ’ակնկալեմ որ մօտենան, զրոյցը որեւէ իմաստ չունի, որովհետեւ պահանջը մէկ է»:
Գեղամ Մանուկեան յայտնեց, որ մարդիկ կը հասկնան, որ այս մարդը պէտք է երթայ եւ նախարարներուն փոխելը որեւէ էական փոփոխութիւն չի մտցներ: «Իր հռչակած այդ 15 կէտնոց ճանապարհային քարտէզին մէջ, ուր իր հրաժարականին մասին խօսք չկայ, առաջին կէտով կը խօսի Ղարաբաղեան հարցի բանակցութիւններուն մասին, այս մարդը պարտուած, խայտառակուած է, խայտառակուած մարդը չի կրնար Արցախեան բանակցութիւններ առաջ տանիլ», ընդգծեց ան: