«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ Ներքին Գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն յայտարարած է, որ աւարտած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ 911 քմ սահմանի երկայնքով կառուցուող պատի 832 քմ հատուածի կառուցումը:
Յիշեցնենք, որ թրքական կողմը նախաձեռնած էր պատ կառուցել Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքով, որուն աշխատանքները մեկնարկած էին 2015-ին: Ընդհանուր առմամբ` պատը պիտի ունենայ 837 քմ երկարութիւն:
Անվտանգութեան պատը բաղկացած է 7 թոն կշռող 2 մ լայնութեամբ եւ 3 մ բարձրութեամբ պեթոն պլոքներէ: