«Արմէնփրէս».- Հայկական ստորաբաժանումները 25 Նոյեմբերին դուրս բերուած են Քարվաճառի շրջանէն, որ Հայաստանի վարչապետի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն համաձայն, անցած է Ատրպէյճանին, որուն հետեւանքով Արցախի հետ Հայաստանի նախկին սահմանի փոխարէն ձեւաւորուած է սահման` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:
«9 Նոյեմբերին, Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած էր, որ Արցախի Հանրապետութեան Քարվաճառի շրջանը 15 Նոյեմբերէն պէտք է անցնի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան վերահսկողութեան ներքոյ: Հետագային, վերջնաժամկէտը երկարաձգուած էր մինչեւ 25 Նոյեմբեր:
Նշուած օրը հայկական ստորաբաժանումները դուրս բերուած են Քարվաճառի շրջանէն, որ յայտարարութեան դրոյթներուն համաձայն, անցած է Ատրպէյճանին, որուն հետեւանքով Արցախի հետ Հայաստանի նախկին սահմանին փոխարէն ձեւաւորուած է սահման` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Մինչեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նշուած հատուածին լիարժէք ու ճշգրիտ սահմանազատում իրականացնելը, ժամանակաւորապէս տեղադրուած էին դարպասներ` դէպի Քարվաճառ եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկութիւնը դադրեցնելու նպատակով:
Այսօր, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ մեկնարկած են սահմանազատման աշխատանքներ` յատուկ միջոցներու (GPS) կիրառումով: Սահմանազատման աշխատանանքներուն մէկ մասը կատարուած է Սոթքի հանքավայրի հատուածին մէջ, որ կը մտնէր Արցախի Հանրապետութեան Քարվաճառի շրջանին մէջ:
Ճշգրիտ եւ լիարժէք սահմանազատումը չափազանց կարեւոր է` սահմանի այս կամ այն հատուածի պատկանելիութեան հետ կապուած վէճերը, կամ կարելի հետագայ սադրանքները բացառելու նպատակով: Աւելցնենք նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը, սահմանազատման հետեւանքով ճշգրտուած սահմաններով պիտի տեղակայեն իրենց մարտական յենակէտերն ու պիտի իրականացնեն մարտական հերթապահութիւն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: