ՀՀ-ի մէջ իշխանութիւն չկայ: Կառավարութիւն, Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն գոյութիւն չունի: Ստորացուցիչ գլխակարգութեան յայտարարութեան պայմաններով թուրքերը կը վարուին ըստ քմահաճոյքի:
– Թուրքը հասած է Վարդենիսի շրջան` Սոթք:
– Բերձորի ճանապարհի` 5 քմ-ի մասին համաձայնութիւնը չէ կատարուած, ճանապարհը կը գտնուի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
– Հայկական կողմը կը զիջի դիրքեր ու բնակավայրեր, որոնք փաստաթուղթով չեն ամրագրուած:
Ասոր համար կ’ըսենք, որ թուրքին առջեւ ծունկի եկած ղեկավարը չի կրնար բանակցիլ եւ պաշտպանել մեր ժողովուրդի շահերն ու իրաւունքները:
Այս չարիքը պէտք է հեռանայ անյապաղ, որպէսզի կասեցնենք մեր երկրի մայրամուտը, այլապէս քայլ առ քայլ պիտի զիջինք մեզ մնացած բուռ մը հայրենիքը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ
Իշխան Սաղաթէլեան