Կառավարութեան շէնքն ու կառավարական առանձնատուները 26 Նոյեմբերի երեկոյեան շրջապատուած էին մեծաքանակ ոստիկաններով:

Պարզուած է` քանի մը օր շարունակ կառավարութեան ու այլ գերատեսչութիւններու դիմաց ցոյցեր իրականացնող անհետ կորսուած զինուորական ծառայողներու հարազատները փորձած են կանգնեցնել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մեքենան, որմէ ետք վարչապետը ճողոպրած է:

Արդէն քանի մը օր է կառավարութեան շէնքին դիմաց Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հացադուլ կատարած է ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան, որմէ 168․am-ը փորձեց ճշդել, թէ ի վերջոյ ինչ տեղի ունեցած է եւ ինչու կառավարութեան մօտ հաւաքուած են մեծաքանակ ոստիկանական ուժեր: Գեղամ Մանուկեանի խօսքով` վերոնշեալ միջադէպին հետեւած է կառավարութեան շէնքի եւ կառավարական առանձնատուներու մօտ ոստիկանական մեծաքանակ ուժերու կեդրոնացումը:
«Անհետ կորսուած զինուորներու ծնողներու մեծ հաւաք էր, արդէն տեւական ժամանակ կը շարունակուէր, կառավարութեան հետ բանակցութիւններ էին, շատ մանրամասն յայտնի չէր, բայց ողջ օրը լարուած էր մթնոլորտը: Անակնկալ ծնողները անցան արդէն Տիգրան Մեծ փողոցը փակելու, երբ վարչապետը իր ինքնաշարժներու շարասիւնով դուրս եկած էր կառավարութեան շէնքէն: Ու հոն արդէն ուղղակի անհասկնալի վիճակ էր, մեքենաները կը քշէին ծնողներուն, հաւաքուածներուն վրայ: Ոստիկաններու հետ կարճատեւ բախում եղաւ, յետոյ աւելի կարգաւորուեցաւ իրավիճակը:
Տեսանիւթերուն մէջ շատ աւելի պարզ կ’երեւայ: Բաւականին բորբոքած էին մարդիկ, անորոշութիւնէն բորբոքած էին, իրենց յուզող հարցերուն պատասխանը ամբողջութեամբ չստանալէն:
Անկէ վերջ մեծաքանակ ոստիկաններ կուտակուեցան, մինչ այդ ոստիկանական ուժեր կային, բայց ոչ այդ չափ եւ հիմա ողջ կառավարութեան շէնքը շրջափակուած է», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:
Հարցումին` արդեօ՞ք այսօր վարչապետը չէ փորձած հանդիպիլ իրեն հետ, ի պատասխան Գեղամ Մանուկեան ըսաւ.
«Վարչապետին հանդիպելու ակնկալիք չունիմ, աչքերս ջուր չէ կտրուած: Վարչապետէն մէկ պահանջ կայ` հրաժարականը»:
Գեղամ Մանուկեանը յայտնեց, որ ինքզինք լաւ կը զգայ, հացադուլը դադրեցնելու ժամկէտի մասին հարցին հետեւեալ կերպ արձագանգեց.
«Ես վարչապետի հրաժարականը հոս հացադուլի ժամանակ պիտի տեսնեմ»: