«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը (ԱԳՆ) յայտարարութիւն տարածած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի կողմէն ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» խորհրդատուական բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Ֆրանսայի Ծերակոյտին` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին ընդունած որոշումը միջազգային ամենահիմնարար ձեւաչափերը` օրինականութիւնն ու արդարադատութիւնը յանուն ներքաղաքական մտադրութիւնները անտեսելու օրինակ է: Իսկ որոշումին մէջ Թուրքիոյ մասին շարադրուած անհիմն պնդումները ամբողջովին կը մերժենք: Ֆրանսայի Ծերակոյտին այս որոշումը ցոյց կու տայ, թէ ինչու համնախագահներու կողմէն (որոնք պէտք է անկողմակալ ըլլային) իրականացուող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքները մինչեւ այսօր հարցին լուծում չեն տուած:
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի կողմէն հնչած է մտահոգութիւն վերջին շրջանին Ֆրանսան յաճախակի կեդրոնացած է Թուրքիոյ վրայ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Ֆրանսայի կողմէն «Թուրքիոյ` տարածաշրջանին արդարութիւնն ու օրինականութիւնը պաշտպանող սկզբունքային դիրքորոշում ընդունիլը եւ Թուրքիոյ մասին նաեւ պատմական առումով ծայրաստիճան սխալ յղումներէն հրաժարիլը» կարեւոր անհրաժեշտութիւն է փոխադարձ լաւ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:
Իսկ վերջաւորութեան յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսան այսուհետեւ տարածաշրջանի կայունութեան հաստատման համար «Կառուցողական» դիրքորոշում կ’որդեգրէ, ապա նաեւ Թուրքիան պատրաստ է Արցախի հարցի լուծման հարցով աշխատած է Ֆրանսայի հետ, ինչպէս աշխատած է միւս գործընկերներուն հետ: