«Արմէնփրէս».- «Հայրենիքի Փրկութեան Խորհուրդ»-ի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու անհրաժեշտ քայլերու ճանապարհային քարտէզը:
Այս հարցին Մանուկեան անդրադարձաւ 5 Դեկտեմբերին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին:
«Հարցերը, որոնք դրուած էին 1988 թուականին, դարձելա դրուած են, եւ այդ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին: Այս շարժումը այն ճանապարհն է, որ առիթ կու տայ քաղաքակիրթ ձեւով փոխել իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Պիտի ձեւաւորուի ժամանակաւոր կառավարութիւն: Որո՞նք պէտք է ըլլան այդ կառավարութեան հարցերը: Անոնք պէտք է լուծուին բոլորը զուգահեռ, իրարու հետ միասին», ըսաւ Մանուկեան:
Վազգէն Մանուկեանը յայտնեց, որ առաջին հարցը կապուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստորագրած եռակողմ յայտարարութեան հետ:
Շարժման վարչապետի թեկնածուն աւելցուց, որ կարեւորագոյն հարց է նաեւ անյայտ կորսուած զինուորական ծառայողներու, գերիներու, վիրաւոր զինուորական ծառայողներու, ինչպէս նաեւ զոհուած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներուն ու Արցախէն Հայաստան տեղափոխուածներուն օգնելու հարցը:
«Կարեւոր հարց է Հայաստանի մթնոլորտի առողջացումը: Հայաստանի մէջ կ’աշխատին արտաքին ազդեցութիւն ունեցող ուժեր, որոնք դիտաւորեալ կը պառակտեն մեր ժողովուրդը: Պէտք է մաքրել այդ դաշտը եւ մեր առջեւ որքան մեծ հարցեր դնենք, այնքան աւելի միասնական պիտի ըլլանք: Ամէն պարտութենէն կը սկսի յաջորդ յաղթանակը: Մենք կարճ ժամանակով պէտք է ոտքի կանգնինք ու երթանք առաջ», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան: