«Էրմէնիհապեր».-Վերջին ժամանակաշրջանին թրքական ծայրահեղական «Գորշ Գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման անդամները անվտանգութեան սպառնալիք դարձած են Եւրոպայի համար:
4 Նոյեմբերին Ֆրանսայի կառավարութիւնը պաշտօնապէս որոշեց երկրի տարածքին արգիլել թուրք ազգայնականները միաւորող «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Անոր պատճառը 29 Հոկտեմբերին Ֆրանսայի Տիժոն քաղաքի մէջ «Գորշ Գայլերուն» կազմակերպած քայլերթն էր, որուն ընթացքին հայերու դէմ  բռնութեան եւ ատելութեան կոչեր հնչեցուցած էին:
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն վերջ Գերմանիոյ ընդդիմադիր եւ իշխող կուսակցութեան շարք մը ներկայացուցիչներ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկան` արգիլելու այդ կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Մասնաւորապէս 19 Նոյեմբերին Պունթեստակի մէջ ընդունուեցաւ օրինագիծ: Այդ օրինագիծով դաշնային կառավարութիւնը կոչ ուղղած է միջոցներ ձեռնարկելու Եւրոպայի մէջ «Գորշ Գայլերու» ազգայնամոլական շարժման ազդեցութիւնը ճնշելու ուղղութեամբ, հետեւիլ Գերմանիոյ մէջ անոնց գործունէութեան, ուսումնասիրել կազմակերպութիւններու արգիլման հիմքերը, իրազեկած են հանրութեան եւ հաստատութիւններուն այդ շարժման թիրախներուն մասին եւ օգտագործել իրաւական բոլոր կարելիութիւնները ծայրահեղականներու քարոզչութեան հակազդելու համար:
Հակառակ եւրոպական երկիրներու մէջ ձեռնարկուած այդ միջոցներուն, թուրք ծայրահեղականները վերջին օրերուն, մասնաւորապէս, Գերմանիոյ մէջ բնակող հայերուն սպառնալիք պարունակող բազմաթիւ նամակներ ուղարկած են:
Գերմանական «Die Welt»  թերթի հաղորդմամբ` ամէնէն շատ հայերուն ուղղուած սպառնալիքներ բարձրացած են Գերմանիոյ Հանաու, Օսնապրիւք եւ Համպուրկ քաղաքներու մէջ: Թերթը նաեւ յայտնած է, որ նոյնաբովանդակ նամակներու զգալի աճ նկատուած է արցախեան երկրորդ պատերազմէն վերջ:
Գերմանաբնակ հայ փաստաբան Իլիաս Ույարը «Die Welt»  թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Քէօլնի   եւ Պերլինի մէջ ապրող հայերուն  նոյն հեռախօսահամարէն զանգահարելով` մահով սպառնած են:
Այս միջադէպերու առնչութեամբ Գերմանահայոց առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան նամակով դիմած է  Գերմանիոյ Հիւսիսային Ռեյն-Վեստֆալիա դաշնային նահանգի ներքին հարցերու պատասխանատու Հերպերտ Ռոյլին` ներկայացնելով այդ երկրի մէջ ապրող հայերուն մտահոգութիւնները:
Եպիսկոպոս Իսախանեան նամակին մէջ ուշադրութեան հրաւիրած է թուրք ծայրահեղականներուն մեկնարկած արշաւներուն:
Քրտական լրատուական կայքը նաեւ յայտնած է, որ տարիներով Եւրոպան աչք փակելով թուրք ազգայնականներու գործողութիւններուն, վերջապէս վերջին մէկ ամսուան ընթացքին քայլեր ձեռնարկած է այս խումբերի գործունէութիւնը արգիլելու համար: