Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի բանագնացութեան պաշտօնէն հրաժարած Ճէյմս Ճէֆրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ սուրիական հողերուն մէջ ԱՄՆ-ի ուժերուն ներկայութեան նպատակն է սուրիական հողերը Սուրիոյ պետութեան հսկողութենէն դուրս պահել։
ԱՄՆ տարիներ շարունակ կը յայտարարէր, որ ԱՄՆ-ի ուժերը Սուրիա ժամանած են ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարելու նպատակով՝ Միջազգային Դաշինքի անուան տակ, որ կազմած էր առանց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին եւ Միջազգային ընտանիքին արտօնութեան։