Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէի արուարձանի Ռաս ուլ Այն շրջանին մէջ գտնուող «Ալլուք» ջրամուղ կայանը դադրեցաւ՝ թրքական ուժերուն կայանին վրայ յաճախակի յարձակումներուն հետեւանքով։
Ալլուքի ընդհանուր տնօրէն երկրչփ. Մահմուտ Աքլէ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին յայտնեց, որ Ալլուքի ջրամուղ կայանը այժմ դադրած է բանելէ, որովհետեւ Տրպեսիէի մէջ գտնուող կայանին ելեկտրականութիւն մատակարարող գիծը անջատուած է իրմէ։ Ան յայտնեց, որ թրքական ուժերը Տրպեսիէի ելեկտրականութեան գիծը կը ծանրաբեռնեն, անոր հետեւանքով ելեկտարանութիւնը կ՚անջատուի եւ կայանը կը դադրի ջուր մղելէ։
Աքլէ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն անմիջապէս միջամտելու եւ թրքական այս անմարդկային արարքները դադրեցնելու, մանաւանդ որ շատ մը թաղամասեր 16 օրէ ի վեր ջուրէ զրկուած են։