Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը յայտնեց, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը մերժեց խորհրդարանի ստորին պալատի՝ Ազգային ժողովի ընդունած որոշումը Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին։ Բանաձեւին մէջ արձանագրուած են Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական ճամբով խաղաղութեան գործընթացը ձախողութեան մատնել տալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ահաբեկչական վարձկան խմբաւորումներ տեղակայելու փաստերը եւս։