ՀՓՇ-ի կողմէ առաջադրուած վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան Հանրահաւաքի ընթացքին հանդէս գալով ըսած .
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ
Մեր շարժումը թափ կը հաւաքէ: Ամէն օր մեզի անհատներ, նոր խումբեր ու կառոյցներ կը միանան: Հազարաւոր լուսաւոր երիտասարդներ եւ մեր երկրի ապագայով մտահոգուած մարդիկ Երեւանի ու բոլոր մարզերու մէջ արժանապատուօրէն կը պայքարին մեր անվտանգութեան, մեր արժանապատուութեան ու վաղուան համար:
Սա նեղ կուսակցական շարժում չէ: Սա միայն իշխանափոխութեան շարժում չէ: Սա նախեւառաջ արժանապատուութեան շարժում է: Պարտութեան խարանը մեր վրայէն մաքրելու, մեր մէջքերը ուղղելու եւ ապագան կերտելու շարժում:
Թէ ինչու պէտք է հեռանայ այս վարչախումբը իր պարագլուխին հետ, լրացուցիչ բացատրութեան կարիք չունի, քանզի խայտառակ գլխակարգութենէն յետոյ այլ բան չի կրնար ըլլալ:
Մենք ժողովուրդին աջակցութեամբ պիտի ձեւաւորենք ազգային համաձայնութեան նոր կառավարութիւն, կը լծուինք հրատապ հարցերու լուծման գործին, կը նախապատրաստենք նոր ընտրութիւններ:
Կարեւոր կը համարեմ եմ գործող Ազգային ժողովի կայունացնող դերակատարումը ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին: Մենք չենք ուզեր ցնցումներ: Մեզի հանրային համերաշխութիւն պէտք է: Ատելութեան ու թոյնի մթնոլորտը պէտք է մնան անցեալի մէջ:
Իրաւապահ մարմիններուն կոչ կ’ուղղեմ պահպանելու հասարակական կարգը, չդառնալու քաղաքական գործիք պարտուած իշխանութեան ձեռքին մէջ:
Եկէք տէր կանգնինք մեր ապագային, եկէք միասին մասնակցինք մեր երկրի վերածնունդին»: