Սիրելի զաւակներ մեր ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Պատերազմի արհաւիրքէն յետոյ ցաւի, մտահոգութեան եւ տագնապի ծանր օրեր կ’ապրինք: Հազարաւոր մեր հերոս զաւակներուն նահատակութիւնը, պատմական Արցախ աշխարհի զգալի մասի կորուստը, պատերազմի աղէտալի հետեւանքները եւ արտաքին վտանգի առաւել մեծ սպառնալիքը ալեկոծած են մեր հոգիները, խաթարած են համերաշխութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը հայրենիքին ու սփիւռքին մէջ: Ստեղծուած ծանր իրադրութիւնը եւ ներքաղաքական խոր ճգնաժամը նոր վտանգներու առջեւ կանգնեցուցած է հայրենի մեր երկիրը` կենսական դարձնելով յառնած լրջագոյն մարտահրաւէրներու հրատապ լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Օրէցօր բարդացող իրավիճակին առնչութեամբ քննարկումներ կատարած ենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասուն եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն հետ: Հանդիպումներ ունեցած ենք նաեւ Հանրապետութեան նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահին, քաղաքական ու ազգային զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Համընդհանուր համոզումն է, որ օրհասական այս կացութիւնը պէտք է իր հանգուցալուծումը գտնէ բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով, ազգային համերաշխութեան ու ողջախոհութեան պայմաններու մէջ:
Հայրենի մեր երկրին մէջ տեղ գտնող տագնապալից զարգացումներուն եւ առկայ մտահոգութիւններուն ընդառաջ` Մենք հանդիպում ունեցանք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ տիար Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Թելադրուած երկրին առջեւ ծառացած եւ ահագնացող ներհասարակական լարուածութեամբ, արտաքին եւ ներքին լուրջ մարտահրաւէրներով եւ վարչապետի անձին նկատմամբ հանրային վստահութեան պակասով` հայրաբար յորդորեցինք յանձնառութիւն ստանձնել եւ վարչապետի լիազօրութիւններէն դադրիլ` կանխելու համար հասարակական կեանքի ցնցումները, նաեւ տեղի ունենալիք բախումներն ու ողբերգական հետեւանքները:
Այս առումով նաեւ կոչ կ’ուղղենք Ազգային ժողովին` մեր հայրենիքին համար այս վճռորոշ պահուն գործել ամենայն պատասխանատուութեամբ, ականջալուր ըլլալ հանրութեան լայն շրջանակներու կողմէն հնչող պահանջներուն եւ քաղաքական ուժերուն հետ համախորհուրդ ընտրել նոր վարչապետ ու ձեւաւորել ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն: Միայն հանրային վստահութիւն ունեցող եւ արհեստավարժ անձերէն կազմուած կառավարութիւնն է, որ պիտի կարենայ կարգաւորել մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած հիմնահարցերը, վերականգնել ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը եւ կազմակերպել անվիճարկելի անհրաժեշտութիւն ներկայացնող խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները:
Հայրական Մեր պատգամը կը բերենք հաւատաւոր մեր ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն` դժուարին այս օրերուն զերծ մնալ բռնութիւն հրահրող եւ ատելութիւն սերմանող արտայայտութիւններէն ու գործողութիւններէն: Ազգովին համախումբ ջանք եւ ներդրում բերենք առկայ ճգնաժամի յաղթահարման ի նպաստ: Մեր նահատակ հերոսներուն վառ յիշատակը եւ անոնց նուիրական տեսիլքները իրագործելու սրբազան ուխտը մեր սրտերուն մէջ` միաբանուինք ու գործենք յանուն մեր հայրենիքի լուսաւոր գալիքին, յանուն մեր ժողովուրդին խաղաղ, ապահով ու բարօր կեանքին:
Աստուած պահապան եւ օգնական մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին: