Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ մասնակցեցաւ Սուրիոյ Կրօնական Կալուածներու Նախարարութեան կազմակերպած հերթական հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի «Օսման» մզկիթէն ներս։
Այս առիթով Ասատ ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ ներկայ կը գտնուիմ այսօր ձեր մէջ։ Կ’ուզեմ այս առիթը օգտագործել՝ միասնաբար զրուցելու մեզ մտահոգող կարգ մը գաղափարախօսական հարցերու շուրջ, որոնք չենք կրնար շրջանցել։ Կրնայ ըլլալ հարց տաք դուք ձեզի, թէ արդեօ՞ք վայրը եւ ժամանակը յարմար են գաղափարախօսական եւ իմացական հարցեր քննարկելու համար, երբ կը դիմագրաւենք ընկերային, կենսական ծանր պայմաններ։ Այո՛ կը հաստատեմ, որ այս է յարմար ժամանակը նման հարցերու շուրջ խորհրդակցելու, որովհետեւ կենսական կամ առօրեայ այլ հարցեր անցողակի են, սակայն գաղափարախօսական հարցերը՝ մնայուն»։
Ասատ ըսաւ. «Չէ պատահած պատմութեան ընթացքին, որ որեւէ գաղափարախօսութիւն քայքայուած է արտաքին յարձակումներու հետեւանքով, ընդհակառակը, մշտապէս գաղափարախօսները պաշտպան հանդիսացած են իրենց գաղափարախօսութեան։ Արտաքին գործօնները վտանգ չեն հանդիսանար կրօնքին։ Վտանգը միշտ ներքին է։ Վտանգաւորը այն է, երբ կրօնականները տգիտաբար ծայրայեղութեան կ’ուղղուին եւ առողջ ձեւով չեն մտածեր։ Հոս ուղղակի ահաբեկչութեան չեմ ակնարկեր եւ չեմ ըսեր, թէ ահաբեկչութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը պարզապէս արդիւնք է տգէտ ծայրայեղութեան։ Այն կրօնականը, որ իր կրօնքին հաւատացեալներուն եւ այլ կրօնքի հաւատացեալներուն միջեւ զրուցելու առիթներ կը ստեղծէ՝ զօրաւոր է, իսկ այն անձը, որ կը խուսափի իր կրօնքի կամ այլ կրօնքներու հաւատացեալներուն հետ կարծիք փոխանակելէ եւ չի յարգեր անոնց գաղափարախօսութիւնը՝ տկար է»։ 
Ասատ յայտնեց. «Մեզմէ իրաքանչիւրին իրաւունքն է որեւէ կրօնականի կարծիքէն տարբեր կարծիք ունենալը, սակայն անոր վրայ յարձակելու իրաւունք չունինք, որովհետեւ անոնք կրօնքը կը բացատրեն ըստ պատմական տուեալներու կամ անձնական ճիգերով ձեռքբերած գիտելիքներու»։
Ասատ եզրափակելով ըսաւ. «Կրօնքը մտքի էութիւնն է, որովհետեւ ան կեանքի տարբեր փուլերուն ազդեցիկ գործօն կրնայ համարուիլ։ Կրօնքը եւ կրօնական գաղափարախօսութիւնը աջակից էին սուրիական բանակին ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին՝ իրենց բարոյախօսական ցուցմունքներով եւ գաղափարախօսութեամբ։ Եթէ սուրիական բանակը տկարանար եւ նահանջէր՝ ահաբեկչութիւնը պիտի յաղթէր, իսկ եթէ մեր կրօնքը տկար հիմք ունենար՝ մեր հաւատքը պիտի տկարանար ու անարդարութիւնը պիտի յաղթէր»։