13 Դեկտեմբերին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններէն կազմուած «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժմումի»` վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներուն: