13 Դեկտեմբերին ԱՀ Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները յայտարարութիւն տարածած են 11 եւ 12 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանին կողմէ զինադադարի բացայայտ խախտումին մասին.
«Արցախի խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու կոպիտ խախտումը եւ յայտարարութիւնը ստորագրած երեք կողմերը կը յորդորեն միջոցներ ձեռնարկելու՝ իրավիճակը արագ շտկելու համար եւ տեղեակ պահելու, որ նախկին բնագիծերը չվերականգնելու պարագային Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւոր պիտի ըլլան կիրառելու ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու բոլոր կարելի միջոցները»:
Մենք յայտարարութեան կողմերուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք այն բանի վրայ, որ գրանցուած է եւ շարունակուող լարուածութեան պայմաններուն մէջ կը պահանջենք ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, որուն գլխաւոր կէտը պէտք է համարել Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը` այս տարածքին մէջ ապրող մարդոց ապրելու անօտարելի իրաւունքին ապահովման գերակայ պայմանը:
Խմբակցութիւնները կը դատապարտեն նաեւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան քայլերը, որոնք ուղղուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի գործողութիւներուն արդիւնաւէտութիւնը կասկածի տակ դնելուն եւ կոչ ուղղած են առաքելութեան ղեկավարութեան հասցէական գնահատական տալ գրանցուած միջադէպին եւ ամբողջութեամբ ապահովել հրապարակուած յայտարարութեան առաջին կէտէն բխող բոլոր պայմանները»: