Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան Երեւանի Էրեբունի օդակայանը վայրէջք կատարեց 44 գերիներ տեղափոխող օդանաւը: Անոնք դիմաւորուեցան Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ գերիներուն հարազատներուն կողմէ:

Նախապէս Տիգրան Աւինեան յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է գերիներու փոխանակման հոլովոյթ: Ատրպէյճանէն Հայաստան տեղափոխուեցան պաշտօնապէս հաստատուած 44 հայրենակիցներ: