Իրանի խորհրդարանի պատգամաւոր Ահմատի Պիղաշ խորհրդարանական նիստին ունեցած ելոյթին անդրադարձած է արցախեան պատերազմին, Թուրքիոյ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ քննադատած եւ վիրաւորանքներ հասցուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հասցէին։
Պիղաշ յայտնած է, որ իրանցի միջուկային գիտնականներուն դէմ իրականացուած մահափորձերը Թուրքիոյ նախագահին վարած քաղաքականութեան արդիւնքն են եւ աւելցուցած է․
«Մեր գիտնականներուն սպանութիւններուն գծով Նեթանեահուէն (Իսրայէլի վարչապետ) պակաս չէ նաեւ Էրտողանի դերը»։
Անոր խօսքով՝ Էրտողան կ’ուզէ պառակտել Իրանը, իսկ Թուրքիան տարածաշրջանի մէջ Արեւմուտքի ենթակապալառուն է։
Իրանցի պատգամաւորը անհրաժեշտութիւն համարած է աջակցելու ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի կողմէն Թուրքիոյ նկատմամբ ծրագրուող պատժամիջոցներու որոշումներուն։
Անդրադառնալով արցախեան պատերազմին՝ ան ընդգծած է, որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար Իրանը պէտք է Հայաստանին աջակցեր՝ միաժամանակ անսալով Հոգեւոր առաջնորդի խօսքերուն, որ «բռնագրաւեալ տարածքները պէտք է ազատագրուին»։
«Էրտողանին ուղղուած մեր Արտաքին Գործոց Նախարարութեան արձագանգը լաւ էր, բայց բաւարար չէր։ Մեր մահացու անփութութեան, խորհրդարանի ազերիախօս պատգամաւորներուն լռութեան, ղեկավար կազմի անխոհեմութեան պատճառով Թուրքիոյ հիւանդ նախագահը Իրանը մասնատելու վարքագիծ կը դրսեւորէ։ Էրտողան տարածաշրջանի մէջ Արեւմուտքի կեղտոտ քաղաքականութիւնը իրականացնողներէն է եւ անոր ձեռքերը թաթխուած են Իրաքի, Սուրիոյ ժողովուրդի, քիւրտերու, հայերու արիւնով, յար ու նման իր պապերուն, որոնց ձեռքներն ալ թաթխուած են միլիոնաւոր ասորիներու, յոյներու, հայերու արիւնով (որոնց ցեղասպանութիւնը պատմութեան յայտնի է), Թուրքիոյ նախագահը նախորդ շաբաթ պաշտօնապէս յայտարարեց Օսմանեան կայսեր յաջորդ դերակատարութեան մասին։
Վերջերս ան Պաքուի զօրահանդէսին Արաքս գետի մասին բանաստեղծութիւն կարդաց, եւ դիմելով Իրանի Ատրպէյճանի ժողովուրդին՝ յայտարարեց․ «Մենք ձեզմէ չենք բաժնուած, մեզի բռնութեամբ բաժնած են ձեզմէ» եւ ըսաւ, որ Արաքսը շուտով ուժ պիտի առնէ։ Իրանի խորհրդարանի ազերի պատգամաւորներ, ու՞ր էք։ Խորհրդարանի յարգարժան նախագահ եւ որոշ պատգամաւորներ, որ այժմ օր ու գիշեր նախագահական ընտրութիւններով տարուած էք, գիտէ՞ք, որ Էրտողան նախորդ շաբաթ Պաքուի զօրահանդէսին «Արազ» երգէն հատուած արտասանած է, որ խումբ մը պատեհապաշտներուն համար Արաքսի երկու ափերուն բաժանման խորհրդանիշն է, Իրանի մասնատման գաղտնիքը։ Ժամանակը հասած է, որ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը վերադարձնենք իր գիծերուն», ըսած է ան։